Blog

“Moon in the Dark” Photo Art Exhibition by Gabriel Panossian featured in Asbarez

< 1 min read

http://asbarez.com/arm/249512/

0325Panosyan

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանին աջակցութեամբ, 23 Մարտին Ամերիկեան համալսարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է լիբանանահայ  լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը՝ ներկայութեամբ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի, Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանի, մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու:

Բացման խօսքը արտասանած է համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան, որ նշած է, թէ լուսանկարներու իւրայատկութիւնը հիմնականօրէն լոյսի եւ ստուերի բնական խաղերու արտացոլացումն է՝ գիշերային երկինքին վրայ։

0325panosian1 Սերժ Սրապիոնեան փոխանցած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ նշուած է. «Գաբրիէլ Փանոսեանի՝ լուսանկարչական այս իւրայատուկ արուեստի յայտնագործողը սփիւռքի նախարարութիւնն է, ում աջակցութեամբ առաջին անգամ կազմակերպուեց լուսանկարների առաջին ցուցահանդէսը: Լուսանկարները բնութեան հրաշալիքների իւրօրինակ ամրագրումն են, որը հայի զգացողութիւնների ու մտքի արտայայտման ինքնատիպ դրսեւորումն է»:

Սերժ Սրապիոնեան ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ մաղթած է Գաբրիէլ Փանոսեանին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ նախարարին՝ իր աշխատանքներու ցուցադրութեան նախաձեռնելու եւ նման ցուցահանդէս կազմակերպելու համար՝ Գաբրիէլ Փանոսեան նշած է. «Ես երբեք չեմ մտածած, որ լուսանկարներու ցուցահանդէսս պիտի կազմակերպեմ։  Այդ գաղափարը յուշած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, երբ առաջին անգամ տեսաւ լուսանկարներս՝ նկատել տալով, որ անոնք լուսանկարչական արուեստի նոր դրսեւորումներ են»:

Լուսանկարիչը նաեւ աւելցուցած է, որ 6րդ անգամն ըլլալով կայացող ցուցահանդէսին, Արմէն Տէր Կիւրեղեանի առաջարկով, կը կազմակերպուի լուսանկարներու վաճառք, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանող սուրիահայերուն։

Այնուհետեւ իրենց ելոյթներով ներկաները ողջունած են ասմունքող Նարեկ Ղազարեանը եւ երգիչ Արեգ Միքայէլեանը: