Blog

Azdak Oratert: AUA President Emeritus Haroutune Armenian Has Interview With Beirut-Based Aztag Daily; Talks About AUA Programs (in Armenian)

2 min read

Source: http://www.aztagdaily.com/archives/264635

«Այսօր Մեծ Իրագործում Մըն Է Նաեւ Հայաստանի Տարողութեամբ, Որ «Ազդակ» Ոչ Միայն Տպագիր Թերթ Ունի, Այլ Նաեւ Տարածման Բոլոր Միջոցներով Զայն Կը Հասցնէ Աշխարհի Բոլոր Կողմերը» Ըսաւ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

Երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախկին նախագահ փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հաստատման ու առաքելութեան մասին` փրոֆ. Արմէնեան յայտնեց, որ նշեալ համալսարանը իր գործունէութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրը` 2 ծրագիրով: Հետագային աւելցան նաեւ այլ ծրագիրներ, իսկ այսօր համալսարանը շուրջ 2000 ուսանողներ ունի:

Արմէնեան նշեց, որ համալսարանին ամերիկեան մօտեցումը տարբեր է Արեւելեան Եւրոպայի ամերիկեան համալսարաններէն, որովհետեւ այստեղ կայ թէ՛ ուսուցում, թէ՛ ալ հետազօտական աշխատանք: Իբրեւ առաքելութիւն համալսարանը, ի տարբերութիւն միւս ամերիկեան համալսարաններուն, նոյնքան հայկական է, որքան հայկական որեւէ հաստատութիւն եւ նոյնքան ամերիկեան է, որքան ամերիկեան որեւէ այլ հաստատութիւն:

Փրոֆ. Արմէնեան խօսելով համալսարանին կատարած աշխատանքներուն մասին նշեց, որ նախատեսուածէն շատ աւելի արագ` 1,5 տարուան մէջ թուայնացուած է 5-րդէն 18-րդ դարու  հայ դասական գրականութեան 400 հատոր, որմէ ետք ընթացք առած է արեւմտահայ գրականութեան թուայնացումը, որովհետեւ այդ գրականութիւնը աւելի վտանգուած է, քան արեւելահայ գրականութիւնը, եւ քանի մը տարի առաջ արդէն թուայնացած էին 80 գրագէտներու երկեր, իսկ այժմ Եղեռնի զոհ դարձած գրագէտներու երկերու թուայնացման եւ տարածման աշխատանքն է, որ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը ոչ միայն արխիւային է, այլ նաեւ կը ծառայէ իբրեւ հետազօտութեան գործիք` թէ՛ ուսանողական, թէ՛ ակադեմական մակարդակի վրայ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղական զարգացման ծրագիրին, փրոֆ. Արմէնեան յայտնեց, որ ծրագիրին նպատակը գիւղացին ձերբազատելն է պետական յատկացումներէ կախեալ ըլլալու կարգավիճակէն եւ քաջալերել անոր մօտ ձեռներէցութիւնը: Ան նշեց, որ այդ ծրագիրը կը գործէ 5 շրջաններու` Շիրակի, Արցախի, Տաւուշի, Ջաւախքի մէջ եւ յառաջիկայ շաբաթ ալ` Վայոց Ձորի մէջ: Ծրագիրը գիտական մակարդակով ինքնուրոյն ծրագիր մըն է, որ սկսած էր 5 տարուան հեռանկարով, սակայն այսօր արդէն 8-րդ տարին է, որ կը գործէ եւ տակաւին կրնայ շարունակուիլ 5-10 տարիով:

Հարցազրոյցի վերջաւորութեան փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան անդրադառնալով «Ազդակ»-ի գործունէութեան` նշեց, որ ինք գրեթէ ամէն օր համացանցով կը կարդայ օրաթերթը` աւելցնելով, որ «Ազդակ»-ը կը ճանչնայ իր մանկութեան օրերէն: Ան ընդգծեց, որ այսօր մեր իրականութեան մէջ մեծ իրագործում մըն է, նաեւ Հայաստանի տարողութեամբ, որ «Ազդակ» ոչ միայն տպագիր թերթ ունի, այլ նաեւ տարածման բոլոր միջոցներով կրնայ զայն հասցնել աշխարհի բոլոր կողմերը, եւ այդ բոլորին կողքին նաեւ թուայնացման գործ կը կատարէ:

Հարցազրոյցին տեսերիզը արդէն տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին վրայ: